Բաժանորդագրվեք Zarkerak.am-ի տելեգրամ ալիքին։
Քեսապի Սբ․ Աստվածածին եկեղեցում նշվել է Ծաղկազարդը․
«Կիրակի, 13 Ապրիլ 2025֊ի առաւօտեան ժամը 10։00֊ին, մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց գիւղիս հոգեւոր տեսուչ` Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան։ Եկեղեցւոյ մուտքին, Քեսապի Ս. Աստուածածին Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչուհիները ժողովուրդին բաժնեցին փոքրիկ յուշանուէրներ։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ մանուկներու թափօր, որմէ ետք Հոգեւոր տեսուչը մանուկներուն փոքրիկ նուերով մը ուրախացուց»։